Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/127

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շատերուն զարմանք կը պատճառէր այն հանգամանքը, որ Կովկասը՝ ունենալով չափազանց քիչ բանուորութիւն՝ Փեթերպուրգ կուղարկէր Պետական Դումայի անդամներ, մեծ թիւով ընկերվարականներ։ Այդ կը բացատրուէր այն բանով, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ սոցիալ—դեմոկրատները, լինելով ընկերվարական կազմակերպութիւններ, իրենց շարքերուն մէջ ունէին մեծ թուով ոչ—ընկերվարական տարրեր՝ գիւղացիներ, արհեստաւորներ, վարպետներ եւ մասամբ միայն բանուորներ։ Հայ տարրը Դաշնակցութեան դրօշի տակ կը պայքարէր տաճկահայ ազատագրութեան համար, իսկ վրացիները՝ իրենց լեզուի եւ ազատուաթեան համար։ Վրաց սոցիալ—դեմոկրատիայի հիմնադիրները եւ պարագլուխները ամէն պատեհ առիթով կը ժխտէին իրենց կազմակերպութեան ազգային բնոյթը։ Սակայն, 1917ի դէպքերը եկան հակառակն ապացուցելու: Նոյն սոցիալ—դեմոկրատիան էր, որ հռչակեց Վրաստանի անկախութիւնը՝ վարելով զուտ ազգային քաղաքականութիւն։ Բայց այս մասին՝ յետոյ։

Արհեստակցական շարժումը կընթանար բաւարար կերպով: Երկու ժողովուրդներ, վրացիներն ու հայերը, կարողացան կարճ ժամանակի մէջ հետեւիլ եւրոպական ազգերու օրինակին։ Կասկած չունիմ, որ եթէ մենք ալ պետական ազատ պայմաններու մէջ լինէինք, այսօր պիտի դասուէինք քաղաքակիրթ ազգերու շարքին: Որքան որ ես կը ճանչնամ Կովկասի մեր երկու ժողովուրղները, ծանօթ եմ անոնց պատմութեան, ականատես եղած եմ անոնց տանջանքին, թշուառութեան եւ ուրախութեան, վստահօրէն պիտի