Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/128

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պնդեմ, որ անոնց բացասական բոլոր գիծերը կու գան օտար պետութիւններու բռնութենէն։ Երբ վերանայ այդ բռնութիւնը եւ մեր երկու ժողովուրդները իրենք ճակատագրին տէր դառնան, շատ բացասական գիծեր պիտի վերանան մեր մէջէն։

Արհեստակցական շարժումը լաւագոյն դպրոցն էր Կովկասի բանուորութեան համար. երբ հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ ազատ զարգանալու՝ այդ միութիւնները Թիֆլիսի, Բագուի եւ Երեւանի մէջ ի յայտ բերին հարուստ եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն։

Թիֆլիսի մէջ միութեանը յատկացուած էր Արամեանի շքեղ տունը, ուր եւ առաջ եկաւ հոյակապ կազմակերպութիւն մը: Արհեստակցական միութիւնները կաշխատէին բարելաւել բանաուորներու վիճակը։ Ես, որպէս քաղաքագլույխ, բաւական նուրբ վիճակի մէջ կը գտնուէի. ստիպուած էի հանդէս գալ շատ յաճախ ոչ միայն պաշտօնիս շնորհիւ, այլեւ այն հեղինակութեան, որ ունէի որպէս քաղաքագլուխ: Միջնորդ դասաւորի դերի մէջ՝ որոշումներ պիտի արձակէի բանուորներու եւ գործատէրներու մէջ ծագած անհամաձայնութիւններու պարագային։ Միւս կողմէն, քաղաքային վարչութիւնը կարող էր հրատարակել պարտադիր որոշումներ աշխատանքի կանոնաւորման համար։

Պէտք էր ըսեմ, թէ Թիֆլիսի քաղաքային վարչութիւնը իր կազմի կրթական ցենզով համարեա առաջինն էր ողջ Ռուսաստանի մէջ, որ կը ջանար ամէն կերպ թեթեւցնել աշխատանքի պայմանները, կրճատել բանուորական ժամանակը, ստեղծել առողջա–