Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/129

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պահական տանելի պայմաններ եւ կարգաւորել երեխաներու աշխատանքի պայմանները:

Հենց որ արհեստակցական միութիւնները զգացին իրենք զիրենք ուժեղ եւ ի վիճակի եղան նոր պահանջներ առաջադրելու գործատէրներուն, սկսան գործադուլները։ Գործատէրները չէին համաձայներ բանուորներու պահանջներուն: Բանուորները կը դադրեցնէին աշխատանքը: Ոստիկանութիւնը կը հսկէր շէնքերու վրայ. երկու կողմերն ալ կը դիմէին ինձ՝ բանակցելու եւ եզրակացութեան մը յանգելու համար:

Կը յիշեմ, որ միջնորդ դատաւորի դերին մէջ հանդէս եկայ հաշտեցնելու հանրակառքի բանուորները իրենց գործատէրներուն հետ, պանրագործները, բաղնիքներու եւ խանութներու ծառայողները, ելեկտրակայանի բանուորները, կաշեգործները: Ու բոլոր դէպքերու մէջ ալ յաջողեցայ գտնել համաձայնութեան եզր մը: Պէտք է ըսեմ, որ աշխատանքի եւ դրամագլուխի պայքարի ընթացքին ոչ մէկ արիւնահեղութիւն պատահեցաւ Թիֆլիսի մէջ եւ ոչ մէկ ահաբեկումի փորձ։

Նահանգային իշխանութիւնը երբեմն կը շտապէր ձերբակալել գործադուլի պարագլուխները, բայց իմ դիմումներուն շնորհիւ բանտարկեալները ազատ կարձակուէին։ Բոլոր դէպքրերուն ալ ես հանդէս կու գայի որպէս բանուորներու ներկայացուցիչ։

Մէկ անգամ միայն ես հանդէս եկայ միջնորդ դատարանի մէջ որպէս ներկայացուցիչ Բորշալուի գաւառի պանրագործարանի տէրերու, իսկ բանուորներու կողմէն նշանակուած էր բալշեւիկ Սպան–