Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/13

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նակցած է նաեւ 1915, 1916 եւ 1917 թուականներուն՝ Համայն Ռուսիոյ Քաղաքներու եւ Գաւառային Ինքնավարութիւններու (գեմսվօ) համագումարներուն։

1917ին կը պայթի Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք Խատիսեան ինքզինք այլեւս ի վիճակի չի զգար Թիֆլիսի քաղաքագլուխի պաշտօնին վրայ մնալու։ Վրացիները, որոնք թիւով յարաբերաբար աւելի քիչ էին քան հայերը, տէր կը կանգնին իրենց մայրաքաղաքին եւ Թփֆլիսի քաղաքապետի աթոռին վրայ կը նստեցնեն իրենց մէկ ազգակիցը։ Յեղափոխութիւնը պատճառ կըլլար նաեւ, որ Անդրկովկասը փաստօրէն բաժնուի Ռուսաստանէն։

1917ին Խատիսեան կը հեռանայ քաղաքագլուխի պաշտօնէն եւ նոյն տարին կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը։ Թիֆլիսի քաղաքագլուխի ընտրութեան մէջ իր պարտութենէն անմիջապէս ետք կը շտապէ Ալեքսանդրապոլ՝ ընդառաջելով հետեւեալ հրաւէր-հեռագիրին. «Դուք՝ ինչպէս առասպելներու հերոսը, ոտք կոխելով Հայրենի հողի վրայ, անմիջապէս պիտի զգաք ձեզ հզօր եւ պիտի սկսիք նոր դարաշրջան մը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ»[1]:

1917 Սեպտեմբերին Խատիսեան կը փոխադրուի Ալեքսանդրապոլ եւ կընտրուի տեղւոյն

  1. «Մեծ կորուստի մը առջեւ» (խմբ), «Յուսաբեր».. ԼԱ Տարի, 7 Ապրիլ 1945։