Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/130

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դարեանը։ Փոխադարձ համաձայնութեամբ դատարանի նախագահ հրաւիրեցինք Ստ. Շահումեանը, նոյնպէս բոլշեւիկ, որ չնայած իր կուսակցական համոզումներուն, ցոյց տուաւ միանգամայն անաչառ վերաբերմունք։ Այն ժամանակ, բոլշեւիկներու հետ դեռ կարելի էր խօսիլ։ Ստ. Շահումեանը սպաննուեցաւ իր միւս 25 ընկերներուն հետ 1918ին: Երբ Շահումեանը բանտարկուած էր, իր կինը խնդրեց իմ միջամտւթիւնը իշխանութեան առաջ եւ յաջողեցայ թեթեւցնել իր վիճակը։

Արհեստակցական միութիւնները կաշխատէին իրար պաշտպանել եւ հարկ եղած պարագային կը յայտարարէին ընդհանուր գործադուլ: Քաղաքարային վարչութիւնը իր որոշումներու մէջ կաշխատէր մօտենալ աշխատանքի 8 ժամեայ սկզբունքին։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս հանրակառքի բանուորները կաշխատէին 16 ժամ, շահելով օրական միայն 60 կոպեկ (2 ֆրանկ) եւ այն ալ առանց ճաշի դադարին։ Դեռ իմ ժամանակ հաստատուեցաւ 9 ժամեայ աշխատանք, իսկ աշխատավարձը բարձրացաւ օրական 2 ռուբլի: Մենք կարողացանք ապահովել խանութներու երեկոյեան ժամը 7ին կողպելու դրութիւնը եւ կիրակնօրեայ հանգիստը՝ բանուորներուն համար:

Երբ արհեստակցական միութիւնները ձեռք կը բերէին նորանոր դիւրութիւններ բանուորներու համար, իրենց ետին կանգնած կուսակցութիւններու հեղինակութիւնն ալ աւելի կը բարձրանար: «Արհեստակցական միութիւններու միջոցով դէպի կուսակցութիւն». այս էր կուսակցական գործիչներու նշանաբանը: