Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/131

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երբ կը բանտարկուէր կամ աքսորի կենթարկւէր ոեւէ կուսակցական գործիչ կամ երբ կուսակցական ձեռնարկ մը յայտնի կը դառնար իշխանութիւններուն, կուսակցութիւնները ի վիճակի չէին դիմելու օրինաւոր պաշտպանութեան. միայն քաղաքագլուխին կը մնար հարկ եղած դիմումներն ընել, պաշտպանել, խնդրել կամ թեթեւ վճիռ արձակել, երբ ան հանդէս կու գար որպէս դատաւոր: Այս մասին ունիմ հարուստ յիշողութիւններ, որոնք լաւագոյն կերպով կարտայայտեն եւ կը բնորոշեն բարքերն ու ժամանակը:

Յայտնի սոցիալ—դեմոկրատ Իսիդոր Ռամիշվիլին աքսորուած էր Հաշտարխանի նահանգը։ Հեռագրով ան ինձ խնդրեց միջամտել փոխարքայի մօտ, որ թոյլ տայ իրեն մէկ շաբաթով Թիֆլիս գալ՝ տեսնուելու համար իր հիւանդ աղջկան հետ։ Ռամիշվիլին կը խոստանար, որ այդ շաբաթուան ընթացքին բնաւ պիտի չզբաղի յեղափոխական գործունէութեամբ: Դիմեցի Փոխարքային՝ Ռամիշվիլիի համար՝ հաստատելով իր խոստումը, յեղափոխական գործունէութեամբ չզբաղելու մասին։ Փոխարքան թոյլատրեց Ռամիշվիլիի Թիֆլիսի գալը, սակայն ըսաւ.

«Ինչ կը վերաբերի Ռամիշվիլիի ազնիւ խօսքին. այդ միեւնոյնն է թէ թիֆոյի մանրէն խօսք տայ. թէ ինք հիւանդութիւն պէտք չէ առաջ բերէ, եթէ իյնայ մարդկային մարմնի մէջ»։

Փոխարքան կը ճանչնար անշուշտ յեղափոխական գործիչները եւ գիտէր, որ անօգուտ էր անոնց խոստումներուն առանձին ուշադրութիւն դարձնել։ Սակայն, գիտէր եւ մէկ բան, որ կարելի չէ ուժի գոր–