Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/132

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծաղրումով արմատախիլ ընել յեղափոխական շարժումներ։ Այս պատճառով յաճախ կը դիմէր զիջումներու:

Փոխարքան կուզէր տեղեակ ըլլալ անցուդարձին։ Կան մարդիկ, որ շատ լաւ կը խօսին։ Փոխարքան լավ կը լսէր, դիմացինին հնարաւորութիւն կու տար խօսելու: Ան ինձ կը խնդրէր իրեն մօտ տանիլ յեղափոխական գործիչները: Ես իրեն մօտ տարի գլխաւոր կուսակցութիւններու աչքի ինկող քանի մը անգամներ։ Երկար զրուցեցինք Փոխարքայի հետ: Այդ այցելութիւնները ոչ մէկ վատ հետեւանք ունեցան այցելուներու համար։

Շատ անգամներ ստիպուած եմ եղեր Փոխարքայի մօտ գնալու եւ խնդրելու բանտարկեալներու եւ աքսորեալներու ծանր վիճակը թեթեւցնելու մասին։ Անոնց կիներն ու մայրերը գրեթէ ամէն օր ինձ մօտ կուգային նման խնդիրներով։ Այսպէս. բարեխօսած եմ Ստեփան Շահումեանի, Նոյ Ռամիշվիլիի (որ վերջերս սպաննուեցաւ Փարիզի մէջ), Ծերեթելիի, Ջապարիձէի, էլիաւայի, Տէր Պետրոսեանի եւ բազմաթիւ դաշնակցականներու եւ սոցիալ—դեմոկրատներու համար:

Շատ ծանր էր իմ վիճակը, երբ ես ստիպուած էի պաշտպանել երկու մահապարտ հայ բանուորներ, որոնք Ղարաքիլիսէի մէջ սպաննած էին ռուս սեւ հարիւրակեան ճարտարապետ մը։ Ղարաքիլիսէի ռուս պաշտոօնէութիւնը վրդովուած՝ կը պահանջէր մահւան պատիժ երկուքին համար ալ։ Դատարանր մահապատիժի որոշում տուաւ: Փոխարքային կը մնար փրկել անոնց կեանքըը: Մահապարտներու ընտանիք–