Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/133

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ները եկած էին Թիֆլիս։ Գալով բնակարանս կաղերսէին ծնկաչոք իմ պաշտպանութիւնս, մահուան պատիժը տաժանակիր աշխատանքներու փոխելու համար: Գնացի պալատ: Փոխարքան ինձ լսեց, ապա կանչեց զօրքերու հրամանատարը: Վերջինս զեկուցեց իրեն, թէ ռուս ամբողջ պաշտօնէութիւնը կը գրգռուի եթէ Փոխարքան չհաստատէ մահապատիժը։ Փոխարքան դարձաւ ինձ ըսելով.

— Կը տեսնէք՝ այնտեղ կան մարդիկ, որոնք ուրիշ կերպ կը մտածեն։ Պէտք է անոնց ալ բաւարարութիւն տամ։ Այդ իսկ պատճառով ես մէկը պիտի ազատեմ, իսկ միւսը պիտի մեռնի։ Ընտրեցէք ինքներդ, թէ ո՞րը կուզէք որ ազատուի։

Մահապարտներէն մէկր ունէր կին եւ երկու երեխայ, իսկ միւսը ամուրի էր, բայց ունէր ծերունի ծնողներ։ Ծանր երկընտրանքի առջեւ էի, բայց պէտք էր շտապել գոնէ մէկը ազատելու համար։ Ես ընտրեցի հայրը, որ զաւակնէր ունէր, իսկ միւսը պէտք էր ենթարկուէր մահապատիժի:

Երբ տուն վերադարձայ, երկուքի ընտանիքներն ալ ինձ կը սպասէին: Հազիւ ինքզինքս զսպելով՝ հաղորդեցի փոխարքայի որոշումը։

Բայց ահա նաեւ դէպք մը, երբ ես մերժեցի իմ պաշտպանութիւնը։ Երիտասարդ հայ մը կը նախանձի իր կնոջ հանդէպ բժիշկ Աղամալեանի ունեցած զգացումներուն համար։ Պատրուակ բռնելով կնոջ հիւանդութիւնը տուն կը կանչէ բժիշկը եւ կը սպաննէ, իսկ մարմինը կտոր—կտոր ընելով կը տեղաւորէ զամբիւղի մը մէջ։ Յետոյ, իբր թէ ուխտագը–