Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/134

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նացութեան համար՝ կերթայ վանք մը, կը ձգէ այնտեղ զամբիւղը եւ կանյայտանայ:

Գործը կը բացուի եւ դատարանը մահուան կը դատապարտի յանցաւորը։ Իր ծնողներն ու կինը չոքած կու լային անվերջ, բայց ես մերժեցի իմ միջամտութիւնը, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները Փոխարքայի հետ չխզուին։

Ահա թէ ինչպիսի գործերով ինձ մօտ կու գային եւ իմ միջամտութիւնը կը խնդրէին։

Թեթեւ չէր իմ կացութիւնը եւ այն ժամանակ, երբ ես հանդէս կու գայի իբրեւ դատաւոր:

Ինչպէս յիշած էի վերը, քաղաքային գործերու համար յատուկ ատեան մը գոյութիւն ունէր Թիֆլիսի Դատաստանական Պալատին կից, որուն անդամներն էին՝ Դատաստանական Պալատէն չորս դատաւորներ, ազնուականութեան պարագլուխը, քաղաքագլուխը եւ գիւղի տանուտէրը։ Ես պատմած եմ արդէն դէպք մը, Հաւլաբարի ահաբեկիչներու կեանքէն։ Այժմ պիտի պատմեմ երկու այլ դէպքեր, որոնք իրենց ժամանակին մեծ աղմուկ հանեցին կովկասի մէջ եւ որոնց արձագանգները մինչեւ փեթերպուրգի Սենատը (Գերագոյն Դատարան) հասան։ Պէտք է ըսել, որ ամբողջ կովկասի համար, այդպիսի միայն մէկ ատեան գոյութիւն ունէր:

Առաջին գործը կը վերաբերուէր վեց հոգիէ բաղկացած խմբակի մը, որու գլուխն անցած էր յայտնի վրացի յեղափոխական՝ Չխիկիշվիլին։ Վերջինս, Վրաստանի անկախութեան օրերուն, 1910ին, Թիֆ–