Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/135

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լիսի քաղաքագլուխ դարձաւ, իսկ 1924ին գնդակահարուեցաւ բոլշեւիկներու կողմէ: Խմբակը կը մեղադրուէր կողակներուն վրայ յարձակում գործելու եւ սպանութիւն կատարելու մէջ։ Մեղադրանքը շատ ծանր էր։ Մեղապարտներուն կը սպասէր երկարամեայ տաժանակիր աշխատանք: Անոնք զերծ էին մահւան պատիժէն, որովհետեւ մահուան պատիժ կրնային արձակել միայն զինուորական դատարանները:

Գործի պաշտպանութեան համար կանչուած էին Թիֆլիսի լաւագոյն իրաւաբանները: Սոցիալ—Դեմոկրատ կուսակցութիւնը գաղտնօրէն կը հետեւէր գործի ընթացքին եւ անհրաժեշտ ծախքերը կընէր։ Ծանր մթնոլորտի մէջ տեղի կունենար դատավարութիւնը: Յամառօրէն կը խօսէին, որ յեղափոխականները պիտի պայթեցնեն դատարանի շէնքը. հանգամանք մը, որ կը ջղայնացնէր դատաւորները եւ մեղապարտները: Բոլորը կը սպասէին ծանր դատավճիռ մեղապարտներու համար։ Հինգ օր արդէն տեւած էր դատավարութիւնը եւ մօտ էր վախճանին, երբ սոցիալ—դեմոկրատներու կոմիտէի անդամներէն՝ փաստաբան Դ.էն ինձ մօտ եկաւ եւ խնդրեց կուսակցութեան անունէն, որ կերպով մը վիժեցնեմ դատավարութիւնը:

Առաջարկը մօտ էր իմ սրտին, բայց ինչպէս ընել։ Վճռեցի հիւանդ ձեւանալ։ Նախագահին յայտնեցի, որ տաքութիւն ունիմ եւ ճաշի դադարէն ետք՝ մտայ անկողին: Նախագահը ամէն կերպ ինձ խնդրեց, որ չբացակայիմ նիստերէն։ Սակայն, իրեն նամակով մը յայտնեցի, որ հիւանդութեանս լրջութիւնը