Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/136

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թոյլ պիտի չտայ ինձ քանի օր վեր կենալ անկողինէն:

Նախագահը կասկած յայտնած էր Հիւանդութեանս լրջութեան վրայ, սակայն միւս անդամները պնդած էին, որ եթէ բժիշկ մը կը գրէ, որ ինք հիւանդ է, պէտք է հաւատալ եւ խնդիրը փակել։

Քաղաքագլուխ ըլլալուս հանգամանքը ազատեց զիս Դատաստանական բժիշկի այցելութենեն, որ առանց դժուարութեան կրնար հաստատել իմ կեղծիքը։ Անկողին մնացի չորս օր։ Դատը յետաձգուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ Օտեսա, ուր այլ մթնոլորտի եւ կիրքերու խաղաղ միջավայրի մէջ տեղի ունեցաւ դատավարութիւնը: Յանցանքին համեմատ թեթեւ եղաւ պատիժը։ Գլխաւոր յանցապարտը, որ հիւանդ էր թոքախտով, դատապարտուեցաւ չորս տարի տաժանակիր աշխատանքի: Սակայն, ճակատագրի բերումով, 15 տարի ետք, գնդակահարուեցաւ բոլշեւիկներու կողմէն, Սիբերիայէն վերադարձած իր ընկերներ՝ Խոմերիկի եւ Ջուղաշվիլի հետ։

Երկրորդ գործը աչքի կիյնար իր անհեթեթութեամբ եւ անարդարութեամբ։

Բացուի մէջ կը հրատարակուէր «Բագու» անուամը ռուսերէն թերթ մը, որուն խմբագիրը հայազգի Ք. Վերմիշեանն էր։ Երբ գործով Թիֆլիս կուգար, զինք կը փոխարինէր ուրիշ մէկր։ Անգամ մը, չորս օրով Վերմիշեան Թիֆլիս կու գայ եւ այդ ժամանակ թերթը կը շարունակուի լոյս տեսնել իր ստորագրութեամբ, որպէս խմբագիրի։ Թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Պարսկաստանէն յօդուած մը, որ կը պարունակէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ հրատարակ–