Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/137

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւած նամակ մը՝ պարսից Շահին դէմ։ Վերմիչեան անփոյթ գտնուած էր՝ բացակայութեան ժամանակ թերթի ճակատէն վերցնելու իր անունը։

Ըստ ռուսական օրէնքին, խմբագիրն էր միակ պատասխանատուն թերթին մէջ լոյս տեսնող բոլոր յօդուածներուն համար: Վերմիչեանը կը բանտարկեն եւ կը յանձնեն դատական բարձր ատեանին, որուն անդամն էի եւ ես։ Ան կը մեղադրուէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ ըլլալու յանցանքով, որովհետեւ թոյլ էր տուած իր թերթին մէջ տպագրելու կուսակցութեան թռուցիկը: Եւ չնայած որ յօդուածը գրուած էր Պարսկաստանէն եւ ուղղուած էր պարսից Շահին դէմ, Դատաստանական Վարչութիւնը նկատուած էր զայն՝ ուղղուած ռուս ցարի դէմ։ Ինչպիսի՜ հեգնանք:

Վերմիչեանը հեռու էր յեղափոխական հոսանքներէ: Այս՝ նոյն վերմիչեանն էր, որ չկարողացաւ արձակել 1905 թուի 29 Օգոստոսի քաղաքային վարչութեան սրահին մէջ գումարուած ժողովը, որ վերջացաւ այնքա՜ն արիւնով։ Յեղափոխականները անարդարօրէն կը մեղադրէին զինք որպէս իչխանութեան կողմնակից, իսկ իշխանութիւնը կը հալածէր՝ որպէս յեղափոխականի: Ան հազիւ ազատեցաւ ահաբեկումէ:

Չնայած իմ եւ ազնուականութեան առաջնորդի բողոքներուն, դատարանը որոշեց ցմահ աքսորել զինք Սիբերիա։ Իր փաստաբանը գործը փոխադրեց Փեթերպուրգ ահա թէ ինչու Վերմիշեան երկար ամիսներ բանտարկուած մնաց։

Գործին երկրորդ քննութիւնը իր համար երջա–