Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/138

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նիկ վախճան ունեցաւ: Ան ենթարկուեցաւ 300 ռուբլիի տուգանքի՝ գրաքննութեան օրէնքները խախտելուն համար եւ այդպիսով փակուեցաւ խնդիրը:

Ահա կենդանի նմոյշներ ցարական օրերու դատական կեանքէն ու բարքերէն։

Որիշ դէպք մը:

Եօթանասուն տարեկան ծերունի գաղափարապաշտ գրող մը՝ Ռոստոմով՝ կը հրատարակէ գրուածք մը, որուն մէջ կերազէ թէ 100 տարի ետք կեանքը ուրիշ ձեւ պէտք է ունենայ, թէ պէտք չէ լինին պատերազմներ, զօրք, դատարաններ եւ երկրի վրայ պիտի տիրէ եղբայրութիւն ու սէր։ Գրուածրը այնպէս բացատրուեցաւ, որ իբր թէ Ռուստոմով դէմ է տիրող իրաւակարգին եւ կոչ կընէ ապստամբելու անոր դէմ։

Այս գործի մէջ ալ ես կանդամակցէի դատական կազմին: Դատարանր որոշեց Ռոստոմովը ցմահ աքսորել Սիբերիա եւ 70ամեայ ծերունին բռնեց աքսորի ճամբան:

Այսքան օրինակներէն իսկ պարզ է, որ դատական իշխանութիւնը կաշխատէր ամրապնդել յետադէմ իշխանութեան դիրքերը։

Դատաստանական Պալատի պաշտօնին մէջ էր Լագողա անունով մէկը, որ այրի կիյնար իր դաժանութեամբ: Երկրի բոլոր խաւերը դէմ էին իրեն։ Որոշեցի Փոխարքայի վրայ: Բայց, ինչպէս ըսի արդէն անձնաւորութեան վրայ։ Բայդ, ինչպէս ըսի արդէն նախապէս Անդրկովկասի դատական պաշտօնեաները վարչականօրէն չէին ենթարկուեր փոխարքա–