Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/139

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յին: Վերջինս դիմումներ ըրաւ Փեթերպուրգ եւ Լագողան յետ կանխուեցաւ Կովկասէն։

Ըսի արդէն, որ պրոպագանդի լաւագոյն միջոցներն էին դասախօսութիւնները եւ ժողովրդական համալսարանի կազմակերպութիւնը։

Գոյութիւն ունէին այդպիսի երեք համալսարաններ — ռուսական, Հայկական եւ վրացական։ Ես կը խօսէի բնախօսութեան մասին ռուսերէն լեզուով: Հայկական մասի դասախօսներն էին Գ. Խաժակ եւ Ե. Թոփչեան։ Երկուքն ալ աւելի ուշ սպաննուած Թուրքիոյ մէջ։ Ժողովրդական Համալսարանը մեծ յաջողութիւն ունէր ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ։ Դասախօսութիւններու միջոցով անոնք կը ծանօթանային ընկերային նոր գիտութիւններուն եւ արհեստակցական շարժումներուն։

Պէտք է ըսել, որ յեղափոխական շարժումներու ձախողման պատճառով շատ պաշտօնեաներ եւ բանւորներ ազատ արձակուեցան. իբրեւ հետեւանք, Թիֆլիսի մէջ առաջ եկաւ անգործութիւն։ Կուսակցութեան պարագլուխները դիմեցին ինձ՝ խնդրելով գործ հայթայթել անգործներուն։ Իմ առաջարկութեամբ, քաղաքային վարչութիւնը 100 հազար ռուբլի տրամադրեց հանրային աշխատանքներու համար: Ծրագրուեցաւ նորոգել մայթերը, կառուցել նոր շինութիւններ եւ շտկել ճամբաները, որով շատ անգործներու հնարաւորութիւն տրուեցաւ իրենց գոյութիւնը պահպանել: