Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քաղաքապետը։ Այս պաշտօնը կը կարէ հազիւ տարի մը, մինչեւ 1918։ Կը հաւատար, որ հայ ժողովուրդին լաւագոյնս ծառայելու համար անհրաժեշտ էր որ մասնակցէր Համառուսական Սահմանադիր ժողովին՝ իբրեւ թեկնածու Շիրակի հայութեան։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը չընդառաջեց իր փափաքին եւ չդրաւ Խատիսեանի թեկնածութիւնը։

1917 Հոկտեմբերի սկիզբը կը մասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող քաղաքներու համագումարին։ 22 Հոկտեմբերին կանցնի Փեթերպուրկ եւ ականատես կըլլայ Պոլշեւիկեան Յեղափոխութեան։ 31 Հոկտեմբերին կը վերադառնայ Թիֆլիս։

1918ի առաջին կիսուն, Անդրկովկասի անջատումէն ետք, կանդամակցի Սէյմի՝ Անդրկովկասեան Հանրապետութեան՝ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ կը նշանակուի ելեւմտական նախարար։ Այս պաշտօնին վրայ կը մնայ Սէյմի երկու դահլիճներուն մէջ, նախ՝ Կեկեչկորիի, ապա՝ Չխենկելիի վարդապետութեան օրերուն։

1918-20 Խատիսեան կը մասնակցի զանազան պատուիրակութիւններու՝ պարզ խորհրդարանի կամ նախագահի հանգամանքներով։

1918 Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, Տրապիզոնի մէջ Անդրկովկասի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հաշտութեան բանակցութիւններ կը վարէ Թուրքիոյ հետ։ Իրեն հետ հաշտարար պատուիրակութեան անդամ կը նշանակւի Յովհաննէս Քաջազնունի, իսկ Ռուբէն Տէր Մի–