Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/140

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բանուորներու ընտրութիւնը գաղտնօրէն իմ աջակցութեամբ կը կատարուէր, համաձայն կուսակցական պարագլուխներու ցուցմունքներու: Որպէս հաշուակալներ կաշխատէին Խաչմանեանը (Դեւը), որու մասին նախապէս յիշած եմ արդէն, Երաձէն, որ անկախ Վրաստանի աշխատանքի նախարարը դարձաւ, Երզնկեանը, որ այսօր Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական կոմիսարի պաշտօնը կը վարէ եւ շատ ուրիշներ այն ժամանակ նկուղներուն մէջ աշխատողներէն։

Ցարական կառաւարութեան միակ հոգն էր խլել ժողովուրդէն այն բոլոր բարիքները, որ խոստացւած էին անոր՝ ցարի հրովարտակով՝ 1905ին։ Պէտք է ըսել, որ հրովարտակէն մնացած էր միայն Պետական Դուման՝ կրճատուած իրաւունքներով: Կառավարութեան եւ Դումայի միջեւ տեղի կունենար անդուլ պայքար։ Մինչ Դուման կաշխատէր պահել իր իրաւունքնըրը, կառավարութիւնը կը ձգտէր խլել անոր օրէնոդրական իրաւասութիւնները՝ թողելու համար զայն խորհրդակցական դերի մէջ:

Ընթերցողը գիտէ արդէն, թէ ինչո՞վ պսակուեցաւ այդ պայքարը։ 1917 Փետրուարին, Դուման դարձաւ յեղափոխական շարժումներու կեդրոն՝ տապալելով ցարական կառավորութիւնը եւ Ռոմանովներու տունը. սակայն նոյն թուի Հոկտեմբերին, արդէն տապալեցաւ եւ ինքը՝ Ռուսական հիմնադիր ժողովին հետ միասին (1918), բոլշեւիկներու կողմէ:

Ցարական իշխանութեան սեւ յետադիմութեան օրերուն, երկրի բոլոր ժողովուրդները իրենց բախար կը համարէին կապուած Պետական Դումային հետ: