Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/141

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շատերը կը Հաւատային, որ դումայի միջոցով կարելի է յեղափոխութեան առաջքն առնել՝ ընթանալով աստիճանական յառաջդիմութեան ճամբով: Շատերը կը կարծէին, որ Դումայի միջոցով դիւրին կը լինի առաջ բերել յեղափոխական ցնցումներ։ Հայերը կ՚երթային դումա՝ օրէնսդրական աշխատանքներու համար:

Վրացի սոցիալ—դեմոկրատները՝ Ժորդանիան, Չխենկելին, Չխէիձէն, Գեզեչկորին, Ջապարիձեն ունէին յեղափոխական ձգտումներ։ Վրաց ազգայնականները կը պահպանջէին Վրաստանի ինքնաւարութիւնը՝ միշտ մեղադրելով հայերը, որ իրենց երկրի մէջ ձեռք բերած են հարստութիւն եւ ազդեցութիւն։

Ըստ ընտրական օրէնքի, իւրաքանչիւր քաղաքացի կրնար ընտրուիլ միայն իր քաղաքի մէջ, ուր ունէր տուն կամ կալուածք։ Թիֆլիսցի իրաւունք չունէր քուէարկելու Երեւանի մէջ։ Այն ժամանակւան մեր աչքի ինկող մտաւորականութիւնը կը գտնուէր Բագու եւ Թիֆլիս եւ որովհետեւ այդ երկու շրջաններու մէջ ալ մեծամասնութիւն չէնք, հետեւաբար զուրկ էինք մեր մտաւորականութեան լաւագոյն ուժերը դումա ուղարկելու Հնարաւորութենէն։ Ստիպուած էինք բաւականանալ Երեւանի երկրորդական ուժերով։

Այդ տեսակէտէն, վրացիները մեզմէ երջանիկ էին։ Թիֆլիսէն եւ Քութայիսէն անոնք Դումա կը ղրկէին իրենց լաւագոյն ուժերը։

Ընրութիւնները երկաստիճան էին։ Թիֆլիսի նահանգը կու տար 35 Հոգի ընտրողներ, որոնք իրենց մէջէն պիտի ընտրէին պատգամաւոր։ Հայ ընտրող—