Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/142

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներու թիւը կը հասնէր վեցի: Հինգը Ախալքալաքի գաւառէն էր, որուն 90,00, բնակիչներէն 75,000ը Հայեր էին, իսկ վեցերորդը ես էի, որպէս կալուածատէր Թիֆլիս նահանգի Կարայազ գիւղի, ընտրուած Հայ կալուածատէրներու կողմէ: Բոլոր Հայ պատգամաւորները գաղափարական կապ ունէին Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ։ Պարզ էր, որ մեր վեց ձայնով ի զօրու չէինք պատգամաւորն ընտրելու: Կը մնար, որ մեր ձայներով ուժ տայինք վրացի այս կամ այն պատգամաւորին: Իսկ վրացական կուսակցութիւնները ուժգնօրէն կը պայքարէին իրարու դէմ։

Ազնուական դասակարգին պատկանող ազգայնականներու թեկնածուն իշխան Անդրոնիկովն էր, իսկ սոցիալ-դեմոկրատներու թեկնածուն էր Չխէիձէն։ Մեր ձայներէն առաւելապէս կախում ունէր մէկուն կամ միւսին ընտրութիւնը։ Չխէիձեն ընկերվարական էր եւ աւելի մտահոգուած ընդհանուր ռուսական խնդիրներով։ Դումայի մէջ ան մեզ հանգիստ պիտի թողուր. իսկ Անդրոնիկովը, որպէս կծու ազգայնական, միշտ պիտի ճառէր Հայերու եւ Հայկական ազդեցութիւններու դէմ։ Ոոշեցինք մեր քուէնէրը տալ Չխէիձէին։

Ընտրութենէն մէկ օր առաջ, ինձ իր մօտ հրաւիրեց Փոխարքան եւ յայտնեց, որ վրաց ազգայնականները դիմած են իրեն եւ խնդրած, որ Հայ պատգամաւորները իրենք ձայները տան իշխան Անդրոնիկովին։ Փոխարքան խոստացած էր խօսիլ ինձ հետ։

— Ոչ մէկ իրաւունք ունիմ խառնուելու ձեր գործերուն, անգամ իսկ հարցնելու ձեր որոշումը։ Սակայն, մեր յարաբերութիւնները թոյլ կու տան