Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/143

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ինձ դիմելու ձեզ այս խնդրով, — ըսաւ Փոխարքան։

Անմիջապէս յայտնեցի իրեն Հայ ընտրողներու որոշումր եւ խնդրեցի, որ ինք դատէ, թէ ինչպէ՞ս կը վարուէր ինք՝ Հայերու փոխարէն։ Փոխարքան ըսաւ, որ ինք կը բաժնէ մեր տեսակէտը, քանի որ պայքարը Ռուսաստանի դէմ է, իսկ Անդրոնիկովը՝ որւպէս Վրաստանի կողմնակից՝ պիտի միշտ յարձակի Հայերու վրայ։ Յետոյ, Թոխարքան աւելցուց, որ ինք անձամբ կը գէրադասւ Չխէիձէի ընտրութիւնը։ Չխէիձէն պիտի գործէ ցարի դէմ. մէկ յեղափոխական աւելի կամ պակաս, այդ միեւնոյնն է։ Իսկ Անդրոնիկովը պիտի յարձակի Կովկասի վարչութեան վրայ, որով եւ զինք հանգիստ թողելու չէ:

Պատասխանեցի, որ մեր տեսակէտները նոյնն են այս հարցի շուրջ։ Փոխարքան ծիծաղեց եւ ասաց, որ ինք ինձ վրայ ոչ մէկ ճնշում գործ դրաւ եւ որ ազնւականներուն կը պատասխանէ, թէ իրենց խնդիրը կատարած է խօսելով ինձ հետ։

Հինգ օրէն տեղի ունեցան ընտրութիւնները։ Մեր ձայներու շնորհիւ անցաւ Չխէիձէն, որ պէտք է ըսել, Դումայի մէջ մեր դէմ չգործեց: Չխէիձէն եւ մէկ ուրիշ սոցիալ—դեմոկրատ եկան ինձ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելու Հայկական ձայներու համար։ Ինչպէս գիտէ ընթերցողը այդ նոյն Չխէիձէն էր, որ 1917 թուականին գլխաւորեց համայն Ռուսիոյ Բանւորներու եւ Զինուորներու Խորհուրդը Փեթերպուրգի մէջ։

Երբ 1914 թուին ցար Նիկոլայ Բ. Թիֆլիս եկաւ