Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/144

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ, քաղաքային հիմնարկութիւնները այցելելէ ետք, պալատի նախարարին միջոցով դիմեց ինձ՝ առաջարկելով աստիճան, շքանշան կամ տիտղոս: Փոխարքան կանչեց զիս եւ խորհուրդ տուաւ մերժել պարգեւները։ Ինձ ըսաւ, թէ միապետի ուշադրութիւնն արդէն ամենամեծ գնահատանքն ու պարգեւն է, իսկ եթէ ես որեւԷ պարգեւ ընդունիմ, ժողովուրդի զանգւածներու առջեւ պիտի կորսնցնեմ իմ վստահուաթիւնը եւ իշխանութեան առջեւ՝ իմ արժէքը, որովհետեւ կուսակցութիւններու եւ ժողովուրդի վստահութիւնն է, որ արժէք կու տայ ինձ իշխանութեան աչքին։

Այդպէս ալ ըրի եւ ապագային, երբ դարձայ նախարար եւ վարչապետ անկախ Հայաստանի. ինձ հետ տարայ ժողովուրդի նոյն վստահութիւնը ու մինչեւ այսօր ալ ես չունիմ ոչ մէկ աստիճան եւ ոչ մէկ տիտղոս:

Տասը երկար տարիներու ընթացքին ամենամօտ յարաբերութիւնները մշակելով իշխանութեան հետ, ես երբեք չոգտագործեցի գիրքս անձնական որեւէ շահի համար, այլ իմ բոլոր ուժերս գործածեցի ժողովուրդին համար։ Այդ պատճառով էր, որ 1917 թուի յեղափոխութեան ընթացքին, նորէն մնացի իշխանութեան գլուխ կովկասի եւ ապա՝ Հայաոաանի Հանրապետութեան մէջ։