Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/145

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ է.

ԹԻՖԼԻՍԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ

ԻՆՔՆԱՎԱՐՈԻԹԻԻՆԸ

ԵԻ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈԻԹԻԻՆԸ

Ցարական Ռուսիոյ քաղաքային առաջին օրէնքը, որ կը վերաբերէր ինքնավարութիւններոու իրաւասութիւններուն եւ ընտրողական ցենզին, հրատարակուեցաւ 1870 թուին։ Օրէնքը իր ներքին իմաստով ազատամիտ հակումներ ունէր։ Լայն իրաւասութիւններ կը շնորհուէին քաղաքացիներուն եւ ընտրողական ոչ բարձր ցենզ. առ այդ, ժողովուրդի լայն խաւերը ի վիճակի էին մասնակցել ընտրութիւններուն։ Սակայն, կառավարութիւնը գնալով կրճատեց քաղաքներու իրաւուքրները եւ, օրէնքը բարեփոխելու փոխարէն, 1892ին հրատարակեց նոր օրէնք մը, որով կրճատուեցան քաղաքներու եւ քաղաքացիներու իրաւունքները, բարձրացաւ ընտրողական ցենզը եւ իշխանութեան վարչական իրաւունքները ընդարձակուեցան։

Կը մատնանշեմ այս փաստը, որովհետեւ այն ժողովուրդի դժգոհութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը կը Հանդիսանար։ Դժգոհութիւն մը, որ 1917ին յանգեցաւ ռուսական մեծ յեղափոխութեան եւ տապալեց ցարական կառավարութիւնն ու գահը։

Հարլամենտի (խորհրդարանի) չգոյութեան պատճառով, ամբողջ Ռուսաստանի մէջ մեծ էր դերը