Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/146

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քաղաքային եւ գաւառական ինքնավարութիւններու, որոնց մէջ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունէր քննութեան առնելու զինք անմիջականօրէն հետաքրքրող հասարակական խնդիրները: Կովկասը մինչեւ իսկ չունէր գաւառային ինքնավարութիւններ եւ քաղաքի բնակիչներն էին միայն, որ իրենց ինքնավարութիւններու միջոցով կրնային ի յայտ բերել որոշ ինքնուրոյնութիւն։

Չնայած 1892ի օրէնքին, քաղաքի բնակիչները մեծ եռանդ կը թափէին՝ աշխատելով ինքնավարութեան մէջ եւ ինքնավարութեան համար։ Չորս տարին անգամ մը տեղի կունենային ընտրութիւնները: Կը սկսէր ընտրական պայքար, կը բորբոքէին կիրքերը։

Կովկասի հայկական շրջանում ինքնավարութիւններ գոյութիւն ունէին Երեւանի, Ախալքալաքի, Ախալցխայի, Նոր Բայագէտի եւ Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Բացի Երեւանէն եւ Ալեքսանդրապոլէն, միւս քաղաքներու մէջ ինքնաւարութիւններու իրաւասութիւնները աւելի կրճատուած էին, որովհետեւ գոյութիւն ունէր յատուկ օրէնք փոքրիկ քաղաքներու ինքնավարութիւններուն համար: Կարսի մէջ օրինակ, չկար ինքնավարութիւն, որովհետեւ Կարսը լինեով բերգային քաղաք՝ իշխանութիւնը կուզէր իր ձեռքերու մէջ կեդրոնացնել քաղաքի բոլոր գործերը:

Բացի Թիֆլիսէն, ուր ինքնավարութեան անդամներու մեծամասնութիւնը կը կազմէին հայերը (Թիֆլիսի ինքնավարութիւնը իր կազմի կրթական ցենզով, առաջինն էր ամբողջ Ռուսաստանի մէջ, որու անդամներէն 80 առ հարիւրը բարձրագոյն կրթութիւն ունէին), հայկական միւս մասերու ինքնավա–