Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/147

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րութեանց խորհրդատուները ամբողջապէս Հայեր էին։

Եթէ նախապատերազմեան բառերը գործածելու լինենք, Կարսի շրջանը եւ Գանձակի նահանգի Հայկական մասը աշխարհագրականօրէն ամենավատ դասաւորուած շրջաններն էին եւ տնտեսապէս թոյլ եւ աղքատ։ Մինչդեռ Թիֆլիսի ու Թութայիսի նահանգները եւ Բաթումի շրջանը կամ Բագուն իր նաւթով, հարուստ շրջաններ էին։ Հայկական քաղաքներու բիւդջէն այդ իսկ պատճառոավ աղքատ էր, իսկ առանց բիւդջէի եւ կրթուած խորհրդատուներու, դժուար էր ցոյց տալ լայն գործունէութիւն։

Հաղաքային Վարչութիւններու միակ հասոյթներն էին՝ քաղաքային տուներու տուրքերը եւ քաղաքային ձեռնարկները (ջրմուղ, հանրակառք եւ այլն)։ Հայկական փոքրիկ քաղաքները զուրկ էին այս վերջին եւ կարեւոր հասոյթէն։ Երեւանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ մայրաքաղաքը՝ ունէր ընդամէնը 35,000 բնակիչ, իսկ Ալեքսանդրապոլը՝ 25,000։ Թիֆլիսի բնակչութեան թիւը կը հասնէր 300,000ի, մէջն առնելով եւ բանակը։ Մեծ էր եւ Թիֆլիսի պաշտօնէութեան թիւը։

Ահա թէ ինչու 1918ին, երբ Անդրկովկասեան Հանրապետութիւնները հռչակեցին իրենց անկախութիւնը, Վրաստանը, շնորհիւ Թիֆլիսի եւ Բաթումի, ունէր պետութեան ազատ զարգացումի համար բոլոր տուեալները. պատրաստի շէնքեր, լաւ նաւահանգիստ, ինչպէս նաեւ թալանի, գաղթի ու ջարդի չենթարկուած խաղաղ ազգաբնակչութիւն։ Նոյն այդ պաեճառները ազատ զարգացման հնարաւորու—