Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/148

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թիւններ կու տային Թիֆլիսին քաղաքային ինքնավարութեան։

Ինքնավարութեան ներքին կազմակերպութիւնը հետեւեալն էր.

1) Քաղաքային Խորհուրդ, օրէնսդրական մարմին մը, որ ժողովներ կունէնար բիւղջէի շուրջ շաբաթը մէկ երկու անգամ։

2) Քաղաքային վարչութիւն - գործադիր իշխանութիւն, որ կընտրուէր Խորհուրդի կողմէ՝ չորս տարի ժամանակով եւ կը բաղկանար քաղաքագլուխւ, օգնականւ եւ չորս անդամներւ:

Խորհուարդի անդամները ռոճիկ չունէին, իսկ քաղաքագլուխը եւ վարչութեան անդամները կը ստանային ռոճիկներ։ Քաղաքային Խորհուրդի բոլոր որոշումները պէտք է հաստատուէին նահանգապետի կողմէն: Այդ պատճառով, առաջ կու գային լուրջ անհամաձայնութիւններ, որոնց դէպքում վերջնական վճիռը կը պատկանէր Փեթերպուրգի Պետական Սենատին։

Ինքնավարութեան գլխաւոր աշխատանքները կը կայանային տեղական կարիքները հոգալու մէջ. լուսաւորութիւն, մայթերու կանոնաւորում, ջրմուղներ, հանրակառք, հիւանդանոցներ, ճանապարհներ, դպրոցներ, առողջապահութիւն եւ այլն։

Այս բոլորը կը վերաբերէին ժողովուրդի անմիջական պահանջներուն: Սակայն, պէտք էր մտածել եւ որոշ «օգուտներու» մասին։ Ահա այստեղ էր, որ միշտ ընդհարումներ տեղի կունենային նահանգապետի եւ քաղաքային վարչութեան միջեւ:

Պարլամենտի չգոյութեան պատճառով, հասա–