Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/149

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րակական ամբողջ կեանքը կանցնէր քաղաքային ինքնավարութիւններու բովէն։ Հասարակութեան «օգուտները» ըսելով, կը հասկնայինք գործունէութեան աւելի լայն ասպարէզներ, մինչդէռ նահանգապետարանը կաշխատէր կրճատել մեր գործունէութեան սահմանները: Օրինակ. բարձրագոյն դպրոցներ բանալու խնդիրը, Կովկասի գաւառային ինքնավարութիւններու հետ կապուած բոլոր հարցերը կը նկատէին մեր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ։ Սակայն, մեր միջամտութիւնը իշխանութեան անօրէն գործունէութեան կամ մեր քաղաքացիական ազատութեան պահանջները կը համարուէին ապօրինի եւ մեր իրաւասութիւններէն դուրս:

Այս ձեւի աշխատանքները ունէին երկու խոշոր հետեւանքներ: Նախ՝ ժողովուրդը կը սովորէր կռուիլ եւ պաշտպանել իր ինքնավարութիւնը։ Եւ յետոյ՝ դիմադրական ոգին կը զարգանար ոչ միայն յառաջդիմասէր մտաւորականութեան, այլեւ ժողովուրդի այն բոլոր խաւերուն մէջ, որոնք իրենց շահերով սերտօրէն կապուած էին քաղաքային ինքնավարութեան։

Շատ օրինակներ կարող եմ բերել՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչպէս ժողովուրդի մէջ մէջ ծայր կու տար դժգոհութիւնը ընդդէմ իշխանութեան։ Ոստիկանութիւնը իր ռոճիկը կը ստանար քաղաքային վարչութենէն, բայց ան ոչ միայ չէր ենթարկուեր քաղաքային վարչութեան, այլ վերջինս իրաւունք իսկ չունէր հակակշռի ենթարկելու ոստիկանութեան հաշիւները։ Որքա՞ն դրամ կը ծախսուէր հագուստեղէնի, ուտելիքներու եւ շէնքերու վարձքին վրայ՝ ինքնա—