Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/15

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նասեանն ու Լէոն կը մասնակցին իբրեւ խորհրդականներ։

4 Յունիս 1918ին, Պաթումի մէջ, Խատիսեան՝ Պապաջանեանին, Յովհաննէս Քաջազնունիին եւ Սիմոն Վրացեանին հետ կը ստորագրէ դաշնագիր մը, որով Թուրքիա կը ճանչնայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

14 Յունիսին, Պաթումի մէջ, Ա. Ահարոնեանի եւ Պապաջանեանի ընկերակցութեամբ կերթայ Պոլիս՝ մասնակցելու կեդրոնական Եւրոպայի եւ Անդրկովկասի պետութիւններու խորհրդաժողովի մը, որ, սակայն, կը ձգձգուի մինչեւ ընդհանուր զինադադարը։

Վերջապէս, 2 Դեկտեմբեր 1920ին, հայկական պատուիրակութեան իբրեւ նախագահ կը ստորագրէ Ալեքսանդրապոլի դաշինքը, որ պետականօրէն վաւերական ոչ մէկ նշանակութիւն եւ արժէք կը ներկայացնէ, որովհետեւ ստորագրութեան ատեն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Երեւանի մէջ արդէն իսկ իշխանութիւնը յանձնած էր խորհրդային ներկայացուցիչին։

1919 Մարտէն մինչեւ 1920 Մայիս, Խատիսեան կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը։ Արամի մահէն ետք (1919 Յունուար), կը ստանձնէ ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Իսկ Յովհաննէս Քաջազնունիի Մ. Նահանգներ մեկնումէն ետք՝ կը ստանձնէ վարչապետի տեղապահութիւնը։ Յովհ. Քաջազնունիի դահլիճին մէջ Խատիսեան կը մասնակցի իբրեւ արտաքին գործոց նախարար։ 1919ին, Յովհ. Քա–