Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/150

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վարութիւնըր ոչինչ գիտէր: Քաղաքացիք՝ վճարելով ոստիկանութեան ծախքերը՝ գիտէին, թէ այդ ոստիկանութիւնը կը ծառայէ իշիւանութեան կարիքներուն, այսինքն՝ կը սնուցանէին ուժ մը, որ ուղղուած էր իրենց իսկ դէմ:

Ժողովուրդը կը վախնար ու կուզէր, որ ոստիկանները իրեն ենթարկուէին։ Ոստիկանութիւնը կը գլխաւորէին այնպիսի մարդիկ, որոնք քրէական յանցաւորներ էին։

Կը յիշեմ, որ 1916 թուին, Թիֆլիսի ոստիկանապետը, գաղտնի ոստիկաններու աջակցութեամբ, առեւանգեց հարուստ վաճառականի մը երիտասարդ որդին եւ երկար պրպտումներէ ետք, առաջարկեց խեղճ հօրը վձարել 10 հազար ռուբլի՝ փնտոտուքի գործը կազմակերպելու համար։ Վաճառականր 10 հազար ռուբլին վճարեց եւ որդին գտնուեցաւ:

Նոյն ոստիկանապետը կարողացաւ նման դէպք մը եւս կազմակերպել՝ մէկ ուրիշ հայ վաճառականի որդին առեւանգելով։

Ուրիշ ոստիկանապետի մը կինը կը յաճախէր խանութները, կը դնէր ապրանքներ առանց վճարումի։ Վաճառականները լուռ ցասումով բաց կը թողնէին ապրանքները, բայց անգամ մը, երբ արարքը բացուեցաւ, ոստիկանապետը անձնասպան եղաւ գերեզմանատան մը մէջ։

Պատերազմի նախորեակին, երբ կեանքը գնալով կը սղէր, երբ կամաց կամաց կը պակսէին կեանքի անհրաժեշտ պիտոյքները, երբ գնացքները կերթեւեկէին չափազանց անկանոն, ոստիկանութիւնը որոշեց դիմել մէկ այլ պրովոկասիոն միջոցի. այն է՝ յայ–