Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/151

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տարարեց որ ապրուստի սղութեան պատճառը վաճառականութիւնն է, որ կը պահէ ապրանքները իր շտեմարաններուն մէջ: Բանտարկուեցան աչքի ինկող հայ վաճառականներ՝ Միլեանը, Սերեբրեակեանը, Աղիխասեանը: Ժողովուրդը գրգռուեցաւ անոնց դէմ։ Բայց յետոյ իմացուեցաւ ոստիկանութեան դաւադիր ծրագիրը եւ մեղադրեալները արդարացան հասարակութեան աչքին:

Սակայն, ոստիկանութեան ցանած խռովութեան սերմերը տուին որոշ արդիւնքներ. գրգռուած ռուս կանայք եւ բնակչութեան մութ ուժերը յարձակեցան խանութներու վրայ ու մատնեցին զանոնք չտեսնւած կողոպուտի: Ռուս զինուորները հրացանները ուսերին, լուռ ականատես եղան դէպքերուն եւ ոչ մէկ միջամտութիւն ցոյց տուին՝ ոտնահարուող դասի իրաւունքները պաշտպանելու համար։

Իմ աչքերուս առջեւ տեղի ունեցան թալանի եւ անիրաւութեան այս դէպքերը, բայց ես անզօր էի գրգռուած ամբոխի առաջքն առնելու: Իմ ձեռքիս տակ չկային ոստիկանական ուժեր. քաղաքի ոստիկանութիւնը կը վարձատրուէր ժողովուրդի կողմէն՝ ժողովուրդի գլխուն իսկ պատուհաս դառնալու համար։ Ու պարզ էր, թէ ինչո՞ւ ժողովուրդը կուզէր իր ոստիկանութիւնը ու կընդվզէր իշխանութեան եւ երկրի օրէնքներուն դէմ։

Մեր տնտեսական գործունէութեան հիմը կը