Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/152

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կազմէր կրթական գործը, որու համար ինքնավարութիւնը ոչ մէկ միջոց կը խնայէր։

Պատերազմի նախօրեակին դրուած էր պարտադիր ուսման խնդիրը. բան մը, որ գոյութիւն չունէր ամբողջ Ռուսաստնի մէջ: Սակայն, պատերազմը եւ անոր հետ կապուած քաղաքային բիւղջէի նուագումը արգելք հանդիսացան այդ ծրագրի իրականութեան։

Քաղաքն ունէր 20 քաղաքային դպրոցներ, լաւագոյն շէնքերու մէջ տեղաւորուած, արհեստագիտական դպրոցներ մանչերու եւ աղջիկներու համար, բազմաթիւ մասնագիտական դպրոցներ՝ երկաթուղային, հողագործական, այգեգործական, գեղարւեստական, երաժշտական, շհաշուած դեռ ազգային դպրոցները (Հայկական՝ Ներսիսեան, Յովնանեան եւ ծխական դպրոցները, վրացական՝ Ազնուական Գիմնազիոնը)։ Կային 12 Գիմնազիոններ՝ վեցը աղջիկներու եւ վեցը մանչերու համար։

Բոլոր դպրոցներու մէջ ալ հայերը կուսանէին բաւական մեծ թուով, ի բաց առեալ վրացական գիմնազիոնւն։ Թիֆլիսի մէջ կրթուելով՝ հայերը կը վերադառնային իրենց ծննդավայրերը, ուր գոյութիւն չունէին այդպիսի դպրոցներ։ Այսպիսով Թիֆլիսը կը հանդիսանար ամբողջ Կովկասի կրթական կեդրոնը։

Թիֆլիսի մէջ կային կանանց բարձրագոյն պ դասընթացներ, մանկաբարձական դասընթացքներ, իսկ յեղափոխութեան նախօրեակին հիմքը դրուեցաւ նաեւ Պոլիտեխնիկում մասնագիտական բարձրագոյն դպրոցին, որու մասին դեռ պիտի խօսինք:

Մենք կաշխատէինք, որ բարձր դպրոցներու ու-