Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/153

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սուցչական կազմին մէջ եւս մտնէին հայեր։ Բայց իշխանութիւնը արգելք կը հանդիսանար եւ միայն մէկ ռուսական Գիամնազիայի տեսուչն էր Հայ։

Երկրորդական դպրոցներու ուսուցչական կազմի մէջ Հայ ուսուցիչ—ուսուցչուհիներու թիւը բաւական բարձր էր։

Բախտի ինչպիսի՜ խաղ. Կովկասի կրթական գործի գլուխը կանգնած էր ռուս Ռուդոլֆը, որ այսօր Թաւրիզի հայկական Գիմնազիոնի տեսուչն է։

Առողջապահական գործը նոյնպէս դրուած էր իր բարձրութեան վրայ։ Քաղաքն ունէր շատ հիւանդանոցներ, բուժարաններ, քաղաքային բժիշկներ, որոնց թուին մէջ մեծ տեղ կը բռնէին հայերը։ Այդ բմիշկները կայցելէին տուները աղքատ հիւանդները բուժելու համար:

Ամենալաւ հիւանդանոցը շինուած էր հարուստ հայ Արամեանցի ծախքերով, իսկ ամենալաւ երեխաներու բուժարանը կառուցուած էր վրացի հարուստ Զուբալովի դրամներով։ Իմ ժամանակ, հիմնուեցաւ մեծ հիւանդանոց մը՝ ներքին, մորթի եւ կանանց հիւանդութիւններու համար: Պատերազմի ընթացքին, պետական միջոցներով հիմնուեցաւ նոր հիւանդանոց մը եւս՝ 2000 մահճակալով։

Յաճախ Կովկասի միւս քաղաքներէն՝ Երեւանէն, Ալեքսանդրապոլէն, Բագուէն եւ Քութայիսէն մեզ մօտ կուգային քաղաքային գործիչներ եւ բժիշկներ ծանօթանալու համար հիւանդանոցային մեր կազմակերպութեան հետ։ Այս հանգամանքը ցոյց կւ տայ, թէ ինչ մեծ ազդեցութիւն ունէր Թիֆլիսի հայ