Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/155

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քաղաքն ունէր արհեստական անտառ, լաւ ջրմուղի, որ կը պաշտպանէր քաղաքը վարակիչ հիւանդութիւններէ: Ծրագրած էինք կառուցանել մէկ նոր մեծ ջրմուղի եւ հիդրոելեկտրակայան: Պատրաստել էինք բոլոր ծրագիրները եւ այսօր բոլշեւիկները կիրագործեն մեր նախագծած ծրագիրները։ Փողոցները մայթուած էին զանազան ձեւերով։ Սկիզբը մայթերու նիւթերը կը ստանայինք արտասահմանէն, իսկ յետոյ, երբ հայկական Ղարաքիլիսէի մօտ գտնւեցան քարահանքեր, նիւթերը անմիջականօրէն կը ստանայինք այդ քարահանքերէն:

Քաղաքն ունէր լաւ գրադարաններ, թատրոններ, ուր երեք գլխաւոր լեզուներով տեղի կունենային ներկայացումներ։ Ունէր նաեւ սեփական թերթ, ուր կարծարծուԷին տնտեսական բոլոր խնդիրները: Մի խօսքով՝ Թիֆլիսի քաղաքային ինքնավարութիւնը լաւագոյն դպրոցն էր, որուն բովէն պիտի անցնէին պետական ապագայ գործիչները։

1917 թուի յեղափոխութեան ընթացքին, իշխան Լվովի գլխաւորութեամբ, պետական պաշտօնեաներ դարձան քաղաքային եւ գաւառային վարչութիւններու անդամներն եւ քաղաքագլուխները: Շատերը դարձան նախարարներ։ Հայաստանի առաջին կառավարութեան մէջ, քաղաքային գործիչներէն մտան Թիֆլիսի նախկին քաղաքագլուխներ Վերմիշեանը եւ ես, քաղաքային գործիչներ՝ Մելիք Ղարագէօզեան, Գիւլեանը, Չմիշկեանը, Յարութիւնեանը, Աթաբեկեանը եւ եղբայրս, որպէս կառավարութեան դիւանի վարիչ։

Պէտք է ըսել, որ կառավարութեան գլուխն ան–