Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/156

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցան երկու տարբեր դպրոցներու պատկանող մարդիկ։ Այդ դպրոցներէն մէկը քաղաքային ինքնավարութիւններն էին, իսկ միւսը՝ քաղաքական-յեղափոխական կուսակցութիւնները՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գլխաւորութեամբ։ Այս երկու դպրոցներն էին, որ ապագային կերտեցին Կովկասի քաղաքական բախտը։

Հայ մասնագէտ մտաւորականութիւնը տեղ գտաւ Հայկական նախարարութիւններու մէջ, ռուսական Հին Հայ պաշտօնեաներու հետ միասին, որոնցմէ շատէրը նոր էին եկած Ռուսաստանէն, ինչպէս օրինակ զօրավար Նազարբեկեանը, որ Հայկական զօրքերու հրամանատարը դարձաւ, պրոֆ. Ղամբարեանը՝ իմ քեռայրս, որ Համալսարանի տեսուչ նշանակուեցաւ, ճարատարապետ ակադեմիկոս Թամանեանը, զինուորական նախարարներ՝ Արարատեանն ու Հախվերտեանը եւ շատ ուրիշներ:

Մինչեւ այժմ, մենք կանգ առինք այն մասին վրայ, որ կը վերաբերէր մեր տնտեսական աշխատանքներուն եւ իշխանութեան հետ ունեցած փոխ յարաբերութիւններուն: Սակայն, քաղաքային ինքնավարութեան գործունէութեան մէջ կար ուրիշ կէտ մը եւս, որ կընդգրկէր ընդհանուր կովկասեան խնդիրներ: Պէտք է ծանօթանալ Կովկասին իր ամբողջութեան մէջ, գիտնալ իր ազգային եւ աշխարհագրական բաժանումները, աչքէ անցընել վարչական ձեւաւորումները՝ իմանալու համար, թէ ի՞նչ չափով այդ համակովկասեան հարցերը կը շօշափէին Հայկական շահերը եւ ի՞նչ չափով առընչութիւն ունէին մեզ հետ։