Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/157

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ հարցերը հետեւեալն են՝ 1) գաւառային ինքնավարութիւնները եւ անոնց հետ կապուած վարչական նոր բաժանումներու խնդիրը, 2) լեռնային ճամբու կառուցումը Վլադիկավկազէն մինչեւ Թիֆլիս, 2) բարձրագոյն դպրոցի մը բացումը Թիֆլիսի մէջ եւ վերջապէս, 4) երդուեալ դատաւորներու հաստատումը Կովկասի դատակասն հիմնարկութիւններուն մէջ։

Այս չորս գլխաւոր հարցերն էին, որ երկար տարիներու ընթացքին զբաղեցուցին միտքերը եւ պայմանաւորեցին Կովկասի հանրային կեանքը: Այդ հարցերու պարզաբանումին կը դառնանք առանձին—առանձին։ Բայց անաչառ լինելու համար, պէտք է ըսենք, որ Կովկասի միւս քաղաքներու ինքնավարութիւնները անհամեմատ աւելի թոյլ էին Թիֆլիսէն թէ՛ իրենց բիւղջէով եւ թէ մտաւորական կազմով։