Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/158

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈՒԽ Ը.

ԻՆՔՆԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈԻԹԻԻՆՆԵԸ

ԵԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈԻԹԻԻՆՆԵՐԸ

ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ

Նախայեղափոխական Ռուսիոյ հասարակական հիմնարկութիւններէն լաւագոյնը գաւառական ինքնավարութիւններն էին, որոնք գիւղերու եւ գաւառներու մէջ նոյն դերը կը կատարէին, ինչ որ քաղաքային ինքնավարութիւնները՝ քաղաքներու մէջ։ Շնորհիւ գաւառական ինքնավարութիւններուն, ռուս գիւղացին ունէր բժիշկ, դպրոց, գրադարան, ճամբաներ, գիւղատնտեսական օգնութիւն եւ մինչեւ իսկ՝ ոքոշ նահանգներու մէջ՝ հեռախօսային հաղորդակցութիւն։ Ինքնավարութիւններու ներքին կազմակերպութիւնը նոյնն էր, ինչ որ քաղաքներու մէջ։ Կար ե՛ւ գործադիր վարչութիւն, ե՛ւ նախագահ, որուն իրաւասութիւնները կը համապատասխանէին քաղաքագլուխի իրաւասութիւններուն։

Կովկասը չունէր գաւառային ինքնավարութիւններ ու գաւառներու բախտը յանձնուած էր իշխանութեան հոգատարութեան: Սակայն, Կովկասն ունէր ընդհանուր հաստատութիւններ ամբողջ Կովկասի համար։ Օրինակ. Կովկասի բժշկական վարչութիւնը, հաղորդակցական միջոցներու վարչութիւնը եւ այլն, եւայլն։

Այս հաստատութիւնները ունէին իրենց պաշտօնէութիւնը, բաղկացած բժիշկներէ, ճարտարապետ–