Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/159

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներէ, որոնք պաշտօն ունէին ընդառաջ գնալու եւ բաւարարելու գիւղի անմիջական պահանջները։ Անոնց գործունէութիւնը ենթակայ չէր Հասարակական որեւԷ հակակշիռի եւ ժողովուրդը իրաւունք չունէր միջամտելու անոնց աշխատանքներուն։ Բացի անկէ, որ այդ սիստեմը զուտ բիւրոկրատիկ կազմութիւն ունէր, կար ուրիշ բացասական կողմ մը եւս. ժողովուրդը զրկուած էր ինքնագործունէութենէ, զրկուած էր հասարակական, քաղաքական գործունէութենէ: Չէ՞ որ Ռուսաստանի մէջ ռուս գիւղացին, ընտրելով իր խորհրդատուները, կը հետեւէր անոնց աշխատանքներուն, կը քննադատէր անոնց գործունէութիւնը, կը հսկէր բիւդջէին, մէկ խօսքով՝ ժողովուրդը կը մասնակցէր գաւառի մշակութային վերելքին:

Ճիշդ է. Կովկաաի մէջ իւրաքանչիւր գիւղ կընտրէր իր տանուտէրը, սակայն վերջինիս իրաւասութիւնները կը սահմանափակուէին իշխանութեան անհրաժեշտ ոստիկանական որոշ աշխատանքներով։ Տանուտէրը կօգնէր իշխանութեան հաւաքել տուրքերը։ Անհրաժեշտ պարագային, ան կը հայթայթէր բանուորական եւ ձիու ուժեր ու կը մասնակցէր ոստիկանական որոշ աշխատանքներուն:

Տանուտէրը, այսպիսով, կը դառնար իշխանութեան գործակալը՝ իրաւունք չունենալով մտածելու գիւղի ուրիշ շահերու մասին։ Ժողովուրդը կընտրէր իր տանուտէրը, բայց կարհամարհէր զայն։ Տանուտէրը, ըստ իր պաշտօնի, պարտաւոր էր ներկայ գտնւիլ խուզարկութիւններու ընթացքին։

Երբ սոսկալի երկրաշարժ է հետեւանքով՝ Ախալ–