Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ջազնունիի կը յաջորդէ իբրեւ երկրորդ վարչապետը Հայաստանի Հանրապետութեան: Մինչեւ 1919ի Ապրիլը միեւնոյն ատեն կը վարէ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնը։

1920ի ամառը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ կուղարկուի արտասահման՝ կազմակերպելու համար Հայաստանի առաջին ներքին փոխառութիւնը, ինչպէս նաեւ «Ոսկու Ֆոնտ»ի առաջացումը։ Կը մեկնի Պաթում, Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն, Պելճիքա, Մանչեսթրը, Հռոմ, Եգիպտոս, Աթէնք, Իզմիր, Պուլկարիա, Ռումանիա եւ Եուկոսլաւիա: Այս երկար ճամբորդութեան ընթացքին կը ծանօթանայ գաղութներու վիճակին եւ առիթը կունենայ մօտէն շփուելու անոնց հետ, ինչպէս նաեւ թացատրելու իր գործուղման հրամայական նշանակութիւնը՝ նորաստեղծ հանրապետութեան համար։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Ալ. Խատիսեան 6 Դեկտեմբեր 1920ին կանցնի Թիֆլիս, Վրաստան։ Կարճ ժամանակ ետք. 10 Փետրւար 1921ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ՝ Ա. Ահարոնեանէն կը ստանայ Փարիզ մեկնելու հեռագիր։ Կնդունի առաջարկը։ Ահարոնեանին ընկերակցութեամբ կը մասնակցի Լոնտոնի եւ ապա՝ Լօզանի խորհրդաժողովներուն. որոնց կը մասնակցին նաեւ Պօղոս Նուպար փաշան եւ Նորատունկեանը: Խատիսեանի մասնակցութիւնը նախ կունենայ փոխ-նախագահի հանգամանք։ Ա. Ահարոնեանի հիւանդութենէն ետք (1934), Հայաստանի Հանրա–