Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/160

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քաղաքի գաւառի մէջ առաջ էր եկած բծաւոր տիֆի մեծ համաճարակ եւ ես կը գտնուէի Սամսար գէւղը՝ համաճարակի դէմ պայքարելու համար, ձմրան սառնամանիք գիշերով գիւղը կը մտնէ ժանտարմ սպայ մը՝ շրջապատուած կոզակներով: Տանուտէրի աջակցութեամբ ան կը փնտռէ այն գիւղացիները, որոնք կը մեղադրուէին որպէս գրգռիչներ, վաշխառու աւատապետներուն տուրքեր չտալու քարոզչութեան համար։ Այդ խեղճ գիւղացիները ի վիճակի չէին վճարելու, իսկ իրենց ապրուստին եւ անասունները պահելու համար՝ անոնք ինձմէ նպաստ կը ստանային։

Հայ գիւղը պարուրուած էր թանձր խաւարի մէջ։ Քաղաքակրթական ոչ մէկ նշոյլ կարելի էր նկատել հոն: Տասնեակ գիւղեր միայն մէկ բժիշկ ունէին։ Դպրոցներ չկային։ Չկար ոչ մէկ կապ քաղաքին հետ, բացի ապրանքներու փոխանակութենէ: Իր միակ դաստիարակութիւնը գիւղացին կը ստանար յեղափոխական գործիչներէ. հայերը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութենէն, վրացիները՝ սոցիալ—դեմոկրատներէն: Թուրք ժողովուրդը ենթակայ էր հոգեւորականութեան, աւատապետներուն, բեկերուն եւ խաներուն:

Գիւղագիութեան տնտեսական վիճակը, շնորհիւ ընդհանուր հողազրկութեան, որ աւելի կը զգացուէր հայկական շրջաններու մէջ, չափազանց ծանր էր։ Գիւղ գնալը եւ գիւղով հետաքրքրուիլը կը համարւէին քարոզչութեան միջոց՝ գիւղացիները գրգռելու համար. իսկ իւրաքանչիւր այդպիսի փորձ՝ խիստ կը հետապնդուէր իշխանութեան կողմէ։

Այս բոլորը հասարակական գործիչներուն առիթ կու տային լրջօրէն մտածելու գաւառական ինքնա-