Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/161

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

վարութիւններու մասին։ Արդէն իսկ սկսած էին բարձր խօսիլ այդ մասին։ 1909 թուին, բամպակագործներու համագումարին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Թիֆլիս, որոշուեցաւ որ բամպակագործութիւնը միայն ինքնավարութիւններու հաստատումով կրնայ աճիլ եւ զարգանալ: Նոյն որոշումը տուին եւ ծխախոտամշակութեան եւ առողջապահական—դպրոցական համագումարները: Տեղի կունենար նոյն երեւոյթը, ինչ որ նախայեղափոխական Ռուսաստանի մէջ, երբ բոլոր համագումարները՝ տնտեսական, գիւղատնտեսակն, բժշկական, կը վերջանային պատասխանատու կառավարութեան պահանջով։

Ներքին գործոց նախարար Պլեւէն, որ 1904 թուին սպաննուեցաւ տեսորիստի մը ռումբով, կսէր.

«Ինչպէս կերեւի. Ռուսաստանի մէջ առանց սահմանադրութեան կարելի չէ գետնախնձոր իսկ ցանել»:

Ճիշդ է, ծիծաղելի էր այս միտքը. սակայն, եթէ ի նկատի ունենանք գիւղի այն ժամանակուան վիճակը, երբ կիները ծննդաբերութիւն կունենային առողջապահական ամենավատ պայմաններու մէջ, երբ երեխաները կը մեռնէին ծնողներու տգիտութեան պատճառով, երբ անճարակ գիւղացին ի վիճակի չէր բարձրացնելու իր հողերու բերքը, հասկնալի կը դառնայ ինքնավարութիւններու անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի զբաղէր գիւղի կարիքներով եւ հողերով:

Կովկասի քաղաքային ինքնաւարութիւնները եւ առաջին հերթին Թիֆլիսը, բանաձեւեր կը հանէին