Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/162

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գաւառային ինքնավարութիւններու անհրաժեշտութեան մասին, դիմումներ կուղարկէին Փեթերպուրգ: Բայց այդ դիմումները կը մնային անհետեւանք։ Կոմս Վորոնցով–Դաշկովը, Թիֆլիս հաստատւելէն ետք, որոշեց ընդառաջ գնալ ժողովուրդի ցանկութիւններուն եւ ուսումնասիրել խնդիրը։ Իր հրամանով, նահանգային քաղաքներու մէջ կազմուեցան յատուկ խորհուրդներ, որոնք պիտի ուսումնասիրէին բարենորոգումներու ծրագիրը եւ պատրաստէին նիւթեր՝ ապագայ ինքնավարութիւններու համար: Քաղաքային ինքնավարութիւններուն կից, նոյն նպատակով, տեղի կունենային խորհրդակցութիւններ։

Այդ խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան նաեւ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի փոխարքայութեան ժամանակ։ Ես մասնակցեցայ այդ բոլոր խորհրդակցութիւններուն, նախ որպէս Թիֆլիսի ներկայացուցիչ, ապա համակովկասեան խորհրդակցութեան մէջ՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներէն մէկը։

Վերյիշելով այսօր բոլոր պատճառաբանութիւնները, որ կը բերուէին այդ խորհրդակցութիւններու մէջ, կարդալով նորէն անոնց տպագրուած հաշուետրւութիւնը, պէտք է ըսեմ, որ ինքնավարական հիմնարկութիւններու հաստատման գլխաւոր դժուարութիւնը Կովկասի ցեղային առանձնայատուկ վիճակն էր. այն է՝ Հայ—թաթարական եւ Հայ—վրացական խառն բնակչութիւնը, համախմբուած միեւնոյն հողամասերու վրայ։ Այդ դժուարութիւնը աւելի աչքի զարնուեցաւ 1918ին, երբ առաջ եկան երեք ան —