Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/163

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կախ պետութիւններ: Այդ դժուարութիւնը կայ նաեւ այոօր եւ պիտի լինի վաղը։

Կովկասեան կեանքի ամենացաւոտ կողմերէն մէկն է այս խնդիրը, որուն վրայ անհրաժեշտ է լուրջ ուշադրութիւն դարձնել։

Թողունք որ խօսին անաչառ թիւերը:

Ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններու, 1910ին Կովկասի մէջ կապրէին 7,901,514 մարդ, որոնցմէ 3,320,368ը թաթարներ (42.02 առ հարիւր), 1,809, 605ը՝ հայեր (22.92 առ հարիւր) եւ 1,651,378ը՝ վրացիներ (20.89 առ հարիւր). մնացածը՝ ռուսներ, հրեաներ, քիւրտեր եւ այլն, ընդամէնը 1,120,163 (այսինքն՝ 14.17 առ հարիւր)։

Այս թիւերէն կերեւի, որ Կովկասի մէջ կը բնակին բազմաթիւ ցեղեր։ Բայց եթէ չորս գլխաւոր ցեղերու երկիրները բաժանուած լինէին իրարմէ, այն ժամանակ ինքնավարութիւններու կազմի մէջ կը մտնէին միայն նոյն ցեղին պատկանող տարրեր։ Սակայն կացութիւնը այլ էր։ Հայերը կը բնակէին վրացիներու եւ թուրքերու հետ խառն. մինչ թուրքերը, ինչպէս նաեւ վրացիները, չափով մը խմբուած էին որոշ հողամասի վրայ։

Կովկասի տասը նահանգներէն եւ շրջաններէն (Բագու, Բաթում, Գանձակ, Զաքաթալա, Կարս, Քութայիս, Սուխում, Սեւծովեան շրջան եւ Երեւան) միայն Երեւանի նահանգի մէջ Հայերը մեծամասնութիւն կը կազմէին: Այդ նահանգի 1,114,498ը հոգի բնակչութենէն 669,871ը հայեր էին, թուրքերը 373,582 հոգի էին եւ քիւրտերը՝ 36,508ը:

Թուրքերը բացարձակ մեծամասնութիւն էին