Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/165

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նակչութեան. հանգամանք մը, որ չարաբաստիկ դէր խաղաց անկախութեան օրերուն։ Երեւանէն մեկնող գնացքները յարձակման կենթարկուէին թրքական գիւղերէն, ճիշդ Երեւանի սահմաններուն քով։

Բացի վերոյիշեալ վեց գաւառներէն, Հայերը համեմատական մեծամասնութիւն ունէին նաեւ հետեւեալ չորս գաւառներու մէջ՝ Բորչալուի գաւառ (Թիֆլիսի նահանգ), Թիֆլիսի գաւառ (Թիֆլիսի նահանգ) եւ Կարսի ու Կաղզուանի գաւառներ (Կարսի շրջան)։ Այս գաւաոներուն մէջ կովկասեան ոչ մէկ ժողովուրդ բացարձակ մեծամասնութիւն ունէր։ Այդ պատճառով, տեղի կունենային ուժեղ պայքարներ իշխանութեան համար. մասնաւորապէս Բորչալուի եւ Թիֆլիսի գաւառներու մէջ որոնղ սահմանային ընդգծումները լուրջ վէճերու առարկայ կը դառնային երեք հանրապետութիւններու մէջ։ Ժողովուրդներու այս խառնիճաղանճ կացութիւնը առիթ կու տար մտածելու, թէ լաւագոյնն է Կովկասը բաժնել արարչական նոր միաւորներու, հիմնուելով ազգագրական տուեալներու վրայ:

Այս միտքն էր միայն, որ կը դրդէր հայերը գաւառական ինքնավարութիւններու խորհրդակցութիւններու մէջ պնդել վարարչական նոր բաժանումներու վյայ՝ ստեղծելու համար նոր գաւառներ եւ նոր նահանգները, ուր հայերը կարող ըլլային մեծամասնութիւն կազմել։ Սակայն, այն ժամանակուան պայմաններու մէջ, անկարելի էր պարզ եւ բացորոշ կերպով յայտնել այդ միտքը, որպէսզի չմեղադրէին հայերը նեղ ազգասէրութեան յանցանքով։ Մենք ստիպւած էինք բերել երկրորդական պատճառներ եւ փաս–