Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/166

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տեր, հիմնուելով ջրային սիստեմներու, քոչուորներու խնդրի, դաշտային մշակոյթի նոյնանմանութեան եւ այլ տուեալներու վրայ։

Վրացիները եւ թուրքերը դէմ էին մեր առաջարկներուն։ Անոնք ոչ միայն մեծամասնութիւն էին իրենց նահանգներուն մէջ, այլեւ կօգտագործէին իրենց սահմաններու մէջ գտնուող հայ տարրը. ահա թէ ինչու ընդհանուր չափով զգալիօրէն կը թուլնար հայ ժողովուրդի արժէքն ու կշիռը Կովկասի մէջ։ Պարզ էր, որ այսպիսի կարեւոր խնդիրները վերոյիշեալ խորհրդակցութիւններու մէջ աւելի պիտի բորբոքէին ազգային զգացումներն ու կիրքերը:

Երկրորդ, ոչ նուազ կարեւոր հարցը, զոր նոյնպէս կառաջադրէին հայերը, կը վերաբերէր ինքնավարութեան սկզբունքին եւ ձեւին։ Հայերը կը պահանջէին ինքնավարութեան միաւորները կազմել ոչ ըստ հողամասային սկզբունքի, այլ ըստ ազգային սկզբունքի հիման վրայ. այսինքն՝ առաջ կը քչէին Հ. Յ. Դաշնակցութեան հին ծրագիրը, որ կովկասեան հանրապետութիւններու անկախութենէն առաջ կը նախատեսէր մշակութային, ազգային ինքնավար շրջաններու ստեղծումը Կովկաի մէջ, շվեյցարական կանտոններու պէս։

Այս ծրագիրը կը կատղեցներ մեր հակառակորդները, թէեւ այն ժամանակ մեր պահանջը կը բխէր առողջ դատողութենէ։

Հայերը երկու ելք ունէին անհնար կացութենէն դուրս գալու համար։ Կամ պէտք է լինէր պատերազմ, ջարդ ու կոտորած եւ ժողովուրդներու տեղահանում, որպէսզի ստացուէր միատարր ժողովուրդ եւ