Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/167

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կա՛մ պէտք է հաստատուէր ինքնավար ազգային միութիւն, անկախ հողային սկզբունքներէն:

Դէպքերը զարգացան առաջին ճամբով։ 1918–20 թուականներուն, տեղի ունեցան հայ—վրացական պատերազմը, վիր–թաթարական ընդհարումները, հայկական ջարդերը Բագուի նահանգի մէջ, ինչպէս նաեւ թաթարական ըմբոստութիւնները Հայկական գաւառներու մէջ։ Այսինքն՝ արիւն, կոտորած եւ տեղահանութիւն. այս բոլորը այն պատճառով, որ Կովկասի ժողովուրդները խառնուած են իրարու եւ կտրուած իրենց ազգային սահմաններէն:

Ստորերկրեայ գետի պէս, այս հարցն ալ այսօր թաղուած է հողին տակ. բայց մի օր, պիտի դուրս գայ, որովհետեւ իր վերջնական լուծումը դեռ չէ ստացած կեանքէն։

Յուսանք, որ իրաւարարութեան կամ փոխադարձ համաձայնութիւններու միջոցով, կարելի պիտի ըլլայ լուծել մեր կեանքի այս ցաւոտ ու կնճռոտ հարցերէն գլխաւորը։

Կովկասի վարչական նոր բաժանումներու ծրագիրը Աւետիք Շահխաթունին մշակած էր ռուսերէն մէկ գիրքով։ Պէտք է ըսել, որ մինչեւ այժմ լոյս տեսած դիրքերէն ամէնէն աչքի ինկող աշխատութիւնն է ատիկա թէ՛ իր փաստական տուեալներով եւ թէ առաջադրուած տէսակէտերով: Այդ ծրագիրը ընդունեցին հայ բոլոր պատգամաւորնէրը եւ եռանդով ուսումնասիրեցին անոր բոլոր տուեալները: