Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/168

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սակայն, եթէ ընթերցողը կը ցանկայ աւելի մօտէն ծանօթանայ կովկասեան ժողովուրդներու վիճակին եւ փոխյարաբերութեանց՝ թիւերով եւ փաստերով, թող կարդայ Դավիթ Անանունի «Ռուսահայերի հասարակական զարգացումը» վերտառութիւնը կրող գիրքի երրորդ հատորը (Հրատարակւած Վենետիկ, Ս. Ղազարոս, 1926, 694 էջ), ուր հեղինակը խղճմտօրէն հաւաքած եւ դասաւորած է մեր կեանքին վերաբերող բոլոր փաստերն ու թիւերը: Թէեւ գիրքը որոշ միտումներ ունի, շնորհիւ հեղինակի սոցիալ—դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ լինելուն, այնուամենայնիւ փաստական կողմը ճիշդ է եւ հարուստ։

Դառնանք մեր խորհրդակցութիւններուն:

1905—09 թուականներուն, կոմս Վորոնցով — Դաշկովի օրով, խորհրդակցութիւնները ոչ մէկ եզրակացութեան յանգեցան։ 1915ին, երբ փոխարքայ նշանակուեցաւ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը, իր կարգադրութեամբ նորէն սկսան խորհրդակցութիւնները։ Նորէն հայերը առաջ քշեցին իրենց ծրագիրը: Նորէն կազմուեցաւ վիր–թաթարական միութիւնը, որ ունէր 58 անգամ. մենք միայն 23 էինք։ Մենք կը պահանջէինք ինքնաւարական փոքր միաւորներ, վարչական բաժանում, համակովկասեան ընդհանուր կեդրոն եւ ընտրողական դեմոկրատիկ ցենզ։

Այս շրջանին, անկախութեան գաղափարը թոյլ