Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/169

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

էր հայ ժողովուրդի մէջ: Այդ գաղափարը տարածւեցաւ եւ ժողովրդականացաւ պատերազմի ատեն, այլ պայմաններու մէջ: Բայց մեր պահանջներու հիմքը կը կազմէին ապագայ պետութեան հեռանկարները:

Մեր հակառակորդները չէին հաշտուեր համակովկասեան կեդրոն ունենալուն հետ։ Անոնք համաձայն չէին նաեւ, որ Կովկասը բաժնուի նոր միաւորներու եւ ունենայ դեմոկրատիկ, ընտրական ցած ցենզ, որ դէմ էր իրենց շահերուն։ Լինելով մեծ կալւածատէրներ, կը վախնային կորցնել իրենց ուժն ու ազդեցութիւնը։ Մինչդեռ հայերը, այդ կողմէն վախ չունէին. ընտրական ցած ցենզը հնարաւորութիւն կու տար մեզ աւելի լայն չափերով մասնակցելու ընտրութիւններուան։

Ռուսական իշխանութիւնը, յանձինս փոխարքայութեան, կը բաժնէր հայերու տեսակէտը, ոչ անոր համար որ դէպի մեզ առանձին համակրանք ունէր, այլ որովհետեւ առաջին անգամը չէր, որ հայ—ռուսական շահերը Կովկասի մէջ կընթանային նոյն ուղիով:

Մեր հակառակորդները մեզ կը մեղադրէին ռուսասիրութեան մէջ։ Այսօր ալ նոյն մեղադրանքը կուղղեն մեզի։ Սակայն, մենք մեղաւոր չենք, որ հայ ժողովուրդը իր պաշտպանութիւնը կը փնտռէ ռուսներու մէջ՝ իր հարեւաններու դաւերը իր գոյութեան դէմ կասեցնելու համար։ Վրաց մամուլը կը մեղադրէր մեզ տեսակ մը հայկական հողամաս ստեղծելու ձգտումէն մէջ։ Բայց այդ իրողութիւն էր։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը որդեգրած էր այդ քաղաքականու —