Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պետութեան պատուիրակութեան աշխատանքը կը կեդրոնանայ Ալ. Խատիսեանի ուսերուն վրայ՝ իբրեւ նախագահ, ներկայացնելով եւ պաշտպանելով հայկական շահերը պետութիւններու եւ ազգերու մօտ։

Փարիզի գերման գրաւման հետեւանքով, ֆրանսական կառավարութեան հետ կանցնի Պորտօ։ Զինադադարի կնքումէն ետք, կը վերադառնայ Վիշի, ապա՝ Փարիզ։

Խատիսեան պատկառելի գործունէութիւն մը կը թողու իր ետին, երբ կը կնքէ իր մահկանացուն Ֆրանսայի մէջ: Թաղումը կը կատարուի 7 Մարտ 1945ին, Փէր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ, վիշտ պատճառելով իր ընկերներուն եւ դործակիցներուն։ Յուղարկաւորութիւնը՝ յարգանքի վերջին տուրքը՝ տեղի կունենայ ազգային շուքով։ Եկեղեցիին մէջ դամբանականներ կը խօսին՝ ընկ. Հրանդ Սամուէլեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ, Արշակ Չօպանեան՝ Յաղթականներու Միութեան կողմէ, Անտրէ Ֆայէ՝ Ֆրանս–Հայկական Լիութեան անունով, նախկին նախարար, Չխենկելի՝ վրացիներու կողմէ, Պոտոսեան՝ Հայ Երիտ. Միութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ Արսէն քահանայ Սիմոնեան։ Ուրիշներ հնարաւորութիւն չեն ունենար խօսք առնելու՝ ժամանակի նեղութեան պատճառով:

Թաղման ներկայ կըլլան նաեւ ֆրանսացի զօրավարներ՝ Պրեմոն, Շարտիներ եւ Շրվալիէ։ Վրաստանի, Ատրպէնանի եւ Հիւսիսային Կովկասի նախկին նախարարներ եւ պետական անձնաւո–