Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/170

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թիւնը եւ մենք՝ Աւ. Սահակեան, Ս. Տիգրանեան, Աւ. Շահխաթունի ու ես, որ մօտ էինք կանգնած կուսակցութեան, ամէն գնով կը պաշտպանէինք հայկական առաջարկները, որոնք հիմը կը կազմէին ապագայ Հայկական պետականութեան ստեղծումին, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ էին Հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան համար։

1916ին տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններն ալ ոչ մէկ եզրակացութեան բերին։ Վեց ամիս ետք, բռնկեցաւ ռուսական յեղափոխութիւնը, որ տապալեց ռուսական գահը եւ Կովկասի փոխարքայութիւնը։ Բայց այս մասին յետոյ։

Այսօր, մի քանի խօսք միայն այն մասին, թէ ի՛նչ բախտի արժանական Կովկասի մէջ գաւառական ինքնավարութիւններ հաստատելու համար կոչուած խորհրդակցութիւնները։

1917ին, երբ Կովկասը փաստօրէն (ոչ իրաւականորէն) բաժնուեցաւ բոլշեւիկներու գիրկն ինկած Ռուսաստանէն, ստեղծուեցաւ համակովկասեան իշխանութիւն մը, որ հրահանգով մը մտցուց Կովկասի մէջ գաւառական ինքնավարութիւններ հետեւեալ հիմունքներով.

1) Ինքնավարական հաստատութիւնները կը մտցուին ամբողջ Կովկասի մէջ։

2) Այն գաւառներու մէջ, ուր չի սպասուիր վարչական որեւէ փոփոխութիւն, ինքնավարութիւնը կը հաստատուի անմիջապէս (անուանուած են գաւառներ, ուր գոյութիւն ունի ոեւէ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութիւն, Բագուի նահանգ, Քութայիսի նահանգ, Դաղստանի շրջան եւ այլն)։