Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/171

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

3) Այն գաւառներու մէջ, ուր կը սպասուի վարչական սահմաններու փոփոխութիւն, մէկ ամիս ժամանակ կը տրուի հայ, վրացի եւ թաթար ազգային խորհուրդներուն՝ համաձայնութեան գալու վարչական նոր բաժանումներու շուրջ. անկէ ետք ինքնավարութիւնը անմիջապէս պէտք է հաստատուի նոր կազմած գաւառներուն մէջ։

Այսպիսով, հայերը ոչինչ ունէին որ ենթակայ չլինէր վէճի եւ փոփոխութեան։ Փաստօրէն, այս որոշումը մնաց անհետեւանք։ Հետագայ դէպքերը զարգացան այլ ուղղութեամբ: Կովկասը բաժնուեցաւ անկախ պետութիւններու եւ վարչական սահմանային խնդիրները պատճառ դարձան արիւնահեղ ընդհարումներու:

Այս խնդիրներու մասին լրջօրէն պէտք է մտածել։ Անցեալին մէջ անոնք աւելի թոյլ էին դրուած, քան այսօր։ Անցեալի ինքնավարական խնդիրները այսոր դարձած են պէտական խնդիրներ։ Բոլշեւիկներու կոպիտ ուժը գետնի տակ է մղած ու մի առժամանակ լռեցուցած կիրքերը, բայց վա՞ղը...: Վաղը, երբ իյնայ բոլշեւիկներու իշխանութիւնը, պատրաստ պէտք է լինինք երես առ երես կանգնելու մեր հակառակորդներու դէմ:

Թերեւս իրաւարարութիւնը ցանկալի ուղղութիւն տայ այս հարցի լուծման։ Սակայն, ատիկա կը վերաբերի հեռաւոր ապագային:

1918ին, երբ կովկասեան հանրապետութիւնները հռչակեցին իրենց անկախութիւնը կեանքի կոչւեցան ինքնաւարական հաստատութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ մտցուց ինքնավա —