Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/173

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ Թ.

ԿՈՎԿԱՍԻ ԿԱՐԻՃՆԵՐԸ

ԵԻ ԻՄ ՃԱՄԲՈՐԴՈԻԹԻԻՆՆԵՐԸ

ԴԷՊԻ ՓԵԹԵՐՊՈԻՐԳ

Կովկասի հասարակական եւ տնտեսական կեանքը ունէր բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց ոչ բոլորի լուծումը կարելի էր ստանալ տեղական իշխանութիւններէն։

Կային խնդիրներ, որոնց համար յատուկ դիմումներ պէտք է ըլլային Փեթերպուրգ: Կեդրոնի կառավարութեան եւ նոյնիսկ ցարի հաւանութիւնն անհրաժեշտ էր անոնց լուծման համար։

Դպրոցներու, հիւանդանոցներու բացման, նոր ճամբաներ շինելու, կամուրջներ կառուցելու խնդիրները կարող էին լուծում ստանալ տեղական իշխանութիւններէն. իսկ ինքնավարութիւններու հաստատման, դատական բարեփոխումներու, բարձրագոյն դպրոցներու բացման խնդիրները կը պահանջէին կեդրոնական կառաւարութեան միջամտութիւնը: Ես ստիպուած էի յաճախ այդ խնդիրներով մեկնիլ Փեթերպուրգ՝ անձամբ դիմումներ կատարելու:

Կովկասի համար այդ խնդիրները կարեւոր նշանակութիւն ունէին։

Գաւառական ինքնաւարութիւններու հարցի մասին, մանրամասն խօսեցան նախորդ գլուխին մէջ: Այժմ, պիտի խօսինք ուրիշ հարցերու եւ ամէնէն