Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/174

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաջ՝ բարձրագոյն դպրոցի հաստատման մասին։ Այս հարցն ալ, Կովկասի իրականութեան մէջ, դարձաւ ազգային անհամաձայնութիւններու առարկայ։

Կովկասի գործիչները վաղուց արդէն եկած էին այն եզրակացութեան, որ երկիրը կարիք ունի բարձրագոյն դպրոցի։ Քաղաքային վարչութիւնը այս մասին քանի մը անգամ դիմումներ ըրաւ Փեթերպուրգ, սակայն կեդրոնի իշխանութիւնը միշտ ալ պատասխանեց, թէ Կովկասի համար ժամանակը չէ հասունցած բարձրագոյն դպրոց ունենալու:

Պէտք է ըսել, որ քաղաքը իր միջոցներէն յատկացուցած էր 100,000 ռուբլի եւ 200 հեկտար հողամաս, որուն մէկ մասը պիտի ծառայէր դպրոցի շինութեան, իսկ միւս մասը պիտի վաճառուէր ի նպաստ նոր կառուցուելիք կրթական բարձր հաստատութեան։ Այսպիսով, քաղաքի յատկացուացած ընդհանուր օժանդակութիւնը կը հասնէր մէկ միլիոն ռուբլու, ի նկատուի ունենալով որ հողաբաժինը կը գտնուէր քաղաքի բարձր մասին մէջ եւ կապուած էր կեդրոնին հետ ելեկտրաքարշ գնացքներով:

Թաղամասը, որ կը գտնուէր համալսարանի հողը կոչուէր հաւլաբար, որուն բնակչութիւնը կազմուած էր Էրզրումէն եկած հայերէն։ Այդտեղ կը գտնուէին նաեւ քաղաքի միւս հաստատութիւնները, ինչպէս՝ հիւանդանոցները, սպանդանոցը եւ ռուս բանակի գօրտնոցները:

Ամէնէն առառ, կովկասցիներու առջեւ դրուած էր այն հարցը, թէ ի՞նչ ձեւի բարձրագոյն դպրոց բանալ. համալսարա՞ն իր իրաւաբանական, բժշկական, պատմական եւ բնագիտական ճիւղերով, թէ պոլի–